2012-10-05 12:11:17

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ` Լրագրողներու Համահայկական 6րդ Համաժողովի Աշխատանքները Սկիզբ Առաւ։


4 հոկտեմբերին Երեւանի Պետական Համալսարանի Լրագրութեան շէնքի ՝՝Եղիշէ Չարենցի՝՝ անուան սրահին մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով համաժողովը` մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէ լրագրողներու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու:


Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ համաժողովը նպատակ ունի ճշգրտելու այն առաջադրանքները, որոնք լրագրողները պարտաւոր են միասնաբար իրականացնել պահանջատիրութեան եւ արդարութեան վերահաստատման ճամբուն վրայ: «Մենք միասնաբար անցնելու ենք մեր ճամբան եւ կռիւ ենք տալու որոշ հարեւանների հետ: Մեր կռիւը լոյսի եւ խաւարի, Հայկ Նահապետի եւ Բէլի, Սասունցի Դաւթի եւ Մսրայ Մելիքի, մշակոյթ ունեցողի եւ դրա ոչնչացնողի միջեւ կռիւ է», նշեց Հրանուշ Յակոբեանը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր կը գտնուի նորանոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Նախարարը լրագրողներուն կոչ ուղղեց շատ գրելու, խօսելու այն պետութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներուն մասին, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ խթան հանդիսանալու տակաւին այդ քայլը չկատարած երկիրներուն` այդ մէկը կատարելու: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է նաեւ անդրադառնալ երկփեղկուած Թուրքիոյ ներքին կեանքին: Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ ինք մեծ հաւատք ունի լրագրողներու գրիչի ուժին, անոր ազդեցութեան եւ դերակատարութեան նկատմամբ:
Այս առիթով ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղած էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան:

Բոլոր խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան լրագրողներուն դերակատարութիւնը` համազգային նիւթերու շուրջ ներքին ու արտաքին աշխարհը իրազեկ դարձնելու, Հայ Դատի եւ ազգային հարցերու հետապնդման իմաստով ազդու դերակատարութիւն ունենալու իմաստով: Շեշտուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւաքական օրակարգի մէջ մնայուն ներկայութիւն է, թէեւ երբեմն կը ծագի այն խաբկանքը, որ մոռացութեան կրնայ մատնուիլ, սակայն նման բան չի կրնար ըլլալ, հայութիւնը չի կրնար լռել, իսկ հայութեան խօսափողներէն հիմնականները եղած են ու տակաւին են լրագրողը եւ տեղեկատուական միջոցները, որոնք չորրորդ իշխանութիւնն են: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ լրագրողները միշտ յառաջապահ դիրքի վրայ են եւ իրենց ուսերուն ունին մեծ պատասխանատուութիւններ եւ պարտաւորութիւններ, որոնք վճռորոշ են հայութեան համար:

Ապա համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր, ուրկէ ուղղուեցան Աղաւնաձոր` շարունակելու համաժողովին աշխատանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.